Օրերս Նիւ Եորք գտնուող լիբանանցի բեմադրիչ Զիատ Տուէրի իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է «Թիւ 23 խնդիր» ֆիլմին, որ Ռամալլայի մէջ ցուցադրութեան ցանկերէն դուրս բերուած է:
«Իմ պայքարս ներքին պայքար է, իսլամութեան ներսը, ծայրայեղական իսլամութեան դէմ, տղամարդկային մտայնութեան դէմ, յանուն կնոջ ազատագրման»,- բարձրաձայնած է բեմադրիչը:
Բեմադրիչը նշած է նաեւ, որ մարդ նախքան խոշոր պայքարի դուրս գալը պէտք է իր տունը մաքրէ եւ հաշուի նստի իր անձին հետ: «Կը կարծեմ, որ արաբական տունը շատ կեղտոտ է, եթէ անկեղծ գտնուինք: Պաղեստինցիները ջարդեր իրագործեցին, եւ Սապրայի ու Շաթիլայի ջարդը խոշորագոյնը չէ: Անոնք մեծ ոճիրներ գործեցին, սակայն ոչ ոք կը համարձակի այդ հարցին անդրադառնալ, որովհետեւ միշտ պարտաւոր ենք համակրանք ցուցաբերել անոնց նկատմամբ»,- կարծիք յայտնած է լիբանանցի բեմադրիչը:
Վերջինս յայտնած է, որ ֆիլմին մէջ լիբանանցի քրիստոնեաներու դէմ պաղեստինցիներու իրագործած ջարդերէն իրական տեսարաններ ներկայացուցած է, որոնք, ըստ Զիատի, արխիւային նիւթեր են եւ զերծ խեղաթիւրումներէ: