image

Վիգէն Եւ Ռաֆֆի Թարխանեան Եղբայրներ «Արշիլ Կորքի» Մետալներով Պարգեւատրուեցան

Վիգէն Եւ Ռաֆֆի Թարխանեան Եղբայրներ   «Արշիլ  Կորքի»  Մետալներով Պարգեւատրուեցան

Վիգէն Եւ Ռաֆֆի Թարխանեան եղբայրներ         պարգեւատրուած  են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի»  մետալներով:  Յայտնենք, որ ճարտարապետ եղբայրները   անցնող 5  Հոկտեմբերին  Երեւան  գտնուելով մասնակցեցան    Ճարտարապետներու եւ ճարտարագետներու համահայական  3-րդ համաժողովին:    Լիբանանահայ եղբայրները, որ զեկուցումներով հանդէս եկած են  համաժողովին  արժանացած են համաժողովին մասնակից  հայրենի եւ սփիւռքահայ  մասնակիցներու եւ պետական աւագանիի     հիացմունքին  եւ գնահատանքին:   Պէյրութահայ   եղաբայրները հեղինակն են    Ժիպէյլի  «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին  կից   վերջերս բացուած «Արամ Պէզիքեան»   թանգարանին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ  գտուող  եւ Սուրբ Ստեփանոս   անունը կրող        Հայոց Ցեղասպանութեան   նահատակներու   վերանորոգուած   մատուռին:  Տակաւին կ'անդրադառնանք: