Ուրբաթ 5 Փետրուարին Քուէյթի հայ համայնքը տօնեց Ս. Վարդանանց տօնը, որ նաեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր։ Օրուան Ս. Պատարագը մատուցանեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան։ Դպրաց դասը առաջնորդուեցաւ ղեկավառութեամբ դպրապետ՝ Քեռի Սարգիսեանին իսկ պատարագի արարողակարգը կատարուեցաւ հսկողութեամբ գաղութիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեանին։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Թեմական կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։ Իր պատգամին մէջ Հայր Սուրբը խօսեցաւ Վարդանանց խորհուրդի մասին։ Ան շեշտեց, թէ ինչպէս այդ օրերուն, հայ ժողովուրդին համար Վարդանանց պատերազմէն խուսափիլ կարելի չէր, ի խնդիր հաւատքի ու հայրենիքի ազատութեան, նոյն հրամայականը այսօր եւս աշխարհասփիւռ հայուն համար «Վասն հաւատոյ ու հայրենեաց» ոգին` անժամանցելի կոչ մըն է: Նոյնպէս անխուսափելի կոչ մըն է քուէյթահայուն, որ իր եկեղեցւոյ նոր կալուածի սեփականացման համար այսօր միաբանած ահազանգը կը դիմաւորէ, այնպէս ինչպէս Աւարայրի ճակատամարտին Աւետարանն ու Խաչը, սուրն ու վահանը միաբանեցան։ Աւարտին, Գերպ. Հայր Սուրբը թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Տիկնաց Յանձնախումբի պատրաստած մատաղի օրհնութիւնը կատարելէ ետք, ներկաներու ձայնակցութեամբ երգուեցան Վարդանանց յատուկ սիրելի երգերը: