Թուրքիոյ մէջ երէկ ձերբակալուած է թուրք լրագրող Ահմէտ Շիք: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Reuters, նշելով որ Պոլսոյ դատարանը Շիքի հասցէին պետութեան դէմ ահաբեկչութեան քարոզչութեան մեղադրանք յարուցած է:
Անատոլու գործակալութեան համաձայն, Շիք կը մեղադրուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, անոր դատական, զինուորական եւ ոստիկանական մարմիններուն վիրաւորելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութեան մէջ: Նշենք, որ սա Շիքի նման մեղադրանքով առաջին ձերբակալութեան դէպքը չէ:Յիշեցնենք, որ Ահմէտ Շիք Reuters-ի լուսանկարիչ լրագրող է, ան աշխատակցած է թրքական շարք մը՝ «Cumhurriyet», «Evrensel», «Yeni Yuzyl», «Radikal» եւ այլ թերթերու: 2014-ին արժանացած է UNESCO-ի Guillermo Cano World Press Freedom Prize-ին:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել