image

Տը Միւզըր «Թուրքիան ծայրայեղական խմբաւորումներու հիմնական հարթակն է»

Տը Միւզըր «Թուրքիան ծայրայեղական խմբաւորումներու  հիմնական  հարթակն է»

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տը Միւզըր պաշտպանած է իր նախարարութենէն ներս Թուրքիոյ մասին եղած վերլուծում մը, ուր կը հաստատուի, թէ Թուրքիան դարձած է «Միջին Արեւելքի մէջ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու գործունէութիւններուն  գլխաւոր հարթակը»: Տը Միւզըր նաեւ յայտնած է, թէ լրատուամիջոցներուն կողմէ լոյս  տեսած  տեղեկութիւնները   կը կազմեն գաղտնի զեկոյցին մէկ փոքր հատուածը: Անոր ըսելով «Թուրքիան Գերմանիոյ նման ՆԱԹՕ-ի անդամ  է եւ կարեւոր գործընկեր է գաղթականներու ճգնաժամի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով»: Միաժամանակ ան մատնանշած է, որ հակառակ բոլոր առկայ տուեալներուն, Գերմանիա պիտի շարունակէ իր երկխօսութիւնը Անգարայի հետ: