Տոնալտ Թրամբ ընտրուեցաւ ԱՄՆ նախագահ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թրամբ ապահովելէ ետք Բէնսիլվանիա նահանգի ձայները ընտրուած է երկրի 45-րդ նախագահ: Նշենք, որ քուէներու հաշուառումի առաջին իսկ պահէն Տոնալտ Թրամբ երեւելի առաւելութիւն ունեցած է Հիլըրի Քլինթընի վրայ: