Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի հայկական թաղամասերը ենթարկուած են ծանր ռմբակոծումներու: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրթիռարձակումներու ենթարկուած է Ազիզիյէի հայկական թաղամասը ու յատկապէս շրջանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին դաշտը: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այդ շրջանը որպէս պահեստանոց կը գործածուի այն հայ վաճառականներուն համար, որոնք իրենց ունեցած ապրանքները Շըգայէֆ շրջանէն փոխադրած են Ազիզիյէ: Ըստ նախնական տուեալներու, շրջանին մէջ արձանագրուած վիրաւորեալներուն շարքին կայ նաեւ այնտեղ աշխատող հալէպահայ Ճորճ Մութաֆեանը:
Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ նոյնպէս ծանր հրթիռարձակումներու եւ կազի տակառներու թիրախ դարձած են Մաիսալունի, Մուշիյէի, Պուսթան Քլապի, Աաիյէտ Ալիի, Պապ Ալ-Ֆարաճի, Թիլէլի եւ այլ խաղաղ բնակչութեան շրջաններ: Ըստ նախնական տուեալներու, մինչեւ այս պահը զոհուած են երկու անձեր, իսկ վիրաւորներու թիւը անցած է 20-ը:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ այս պահուն բաւական լարուած իրադրութիւն կը տիրէ Հալէպի մէջ, հայկական թաղերը նոյնպէս դատարկուած են եւ կը տիրէ ընդհանուր ամայութիւն:
Լուսանկարը՝ «Արեւելք»ին