«Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու դիտորդ» կայքին համաձայն, այսօր առաւօտեան Հարաւային Իտլիպի Խան Շէյխուն շրջանի վրայ իրականացուած ռազմական օդանաւերու յարձակման հետեւանքով մեռեալներու թիւը հասած է 65-ի, որոնց 11-ը երեխաներ են:
Բժշկական աղբիւրներ Սուրիոյ դիտորդին հաստատած են, որ զոհերու թիւը կրնայ աւելնալ, որովհետեւ տասնեակ վիրաւորներ կան, որոնց վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Ներկայիս փորձ կը կատարուի փրկել անոնց կեանքը, բժիշկներու տրամադրութեան տակ գտնուող եւ առկայ հնարաւոր բժշկական սարքերու միջոցաւ:
Նոյն աղբիւրը հաստատած է, որ Խան Շէյխունի թաղերէն մէկուն վրայ կազային նիւթեր արձակուած է, որ պատճառած է շնչահեղձութեան պարագաներ:
Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին Ֆրանսա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջած է ՝ քննարկելու Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակման հարցը:
Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան Բարձր համակարգող Ֆէտէրիքա Մուկրինի յայտարարած է, որ Դամասկոսը կը կրէ Իտլիպի մէջ «սարսափելի» քիմիական յարձակման պատասխանատուութիւնը, մինչ Դամասկոս իր հերթին բազմիցս հերքած է քիմիական զէնքի օգտագործումը:
Նշենք նաեւ, որ Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ բանագնաց Սթէֆան Տէ Միսթուրա քիչ առաջ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով դիտել տուած է, որ այս խնդրով այսօր Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը յատուկ նիստ նիստ պիտի գումարէ: