image

Թուրքիոյ մէջ քննադատած են Մեհրիպանին Ազրպէյճանի փոխնախագահ նշանակելու Ալիեւի քայլը

Թուրքիոյ մէջ քննադատած են Մեհրիպանին Ազրպէյճանի փոխնախագահ նշանակելու Ալիեւի քայլը

Թուրքիոյ իշխանական «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան պատգամաւոր, նոր սահմանադրութեան համահեղինակ Պուրհան Քուզուն քննադատած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Մեհրիպան Ալիեւային երկրի փոխնախագահ նշանակելը:

Ըստ թրքական «Bursadabugun.com» կայքն, Քուզուն նշած է, որ նախորդ տարի նախագահական համակարգի անցած Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած այս սխալը չի կրնար ապագային կրկնուիլ նոյն համակարգին ձգտող Թուրքիոյ մէջ:

Ըստ Քուզուի, այս երեւոյթները կապուած չեն համակարգի հետ, քանի որ այժմ ալ օրէնքը թոյլ կու տայ, որ Թուրքիոյ վարչապետը իր կնոջ փոխվարչապետ նշանակէ, սակայն Թուրքիոյ մէջ այդ մէկը չըլլար:

«Այդպիսի ազգակցական կառավարումները որեւէ մոտէլի համար ճիշդ չեն, էթիքապէս ալ գեղեցիկ չեն: Սակայն ամէն համակարգ ալ թոյլ կու տայ, եթէ այդպէս ընող ըլլայ: Ես սխալ կը համարեմ կնոջը փոխնախագահ դարձնելը: Սակայն  օրէնքը չարգիլեր: Այնպէս որ այս օրինակը կարելի չէ օգտագործել նախագահական համակարգի դէմ»:

Ազրպէյճանի նախագահի տխրահռչակ նշանակումը խիստ քննադատութեան ենթարկուած էր Թուրքիոյ նախագահական համակարգին անցում կատարելուն դէմ արտայայտուող ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) կողմէ, որուն փոխնախագահ Թէզճան, յայտարարած էր, որ նախագահական համակարգի անցնելու պարագային Թուրքիոյ նմանատիպ ապագայ կը սպասուի: