Իսթանպուլեան համաձայնութենէն դուրս գալու Թուրքիոյ որոշումը ետքայլ է ողջ աշխարհի մէջ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով միջազգային շարժման համար: Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան մէջ, որ տարածած է Սպիտակ տունը:
ԱՄՆ ղեկավարի խօսքով՝ համաձայնութենէն երկրի «յանկարծակի եւ անհիմն» դուրս գալը խոր հիասթափութիւն կ'առաջացնէ: «Ամէն օր ողջ աշխարհի մէջ ընտանեկան բռնութեան դէպքերու թիւի աճ կը տեսնենք, այդ շարքին եւ Թուրքիոյ՝ համաձայնութիւնը առաջինը ստորագրած երկրին մէջ, կանանց սպանութիւններու թիւի աճի մասին տեղեկութիւններ կը ստանանք»,- նշած է Պայտըն:
Անոր կարծիքով՝ երկիրները պէտք է աշխատին կանանց նկատմամբ բռնութեան դադարեցման հարցով իրենց պարտականութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ եւ ոչ թէ մերժեն անոնց պաշտպանութեանն ուղղուած միջազգային պայմանագրերը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի որոշումը դատապարտած են նաեւ Եւրոպայի խորհուրդն ու ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեֆ Պորելը: