Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս արգիլուած է քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ քրտերէն երգ հնչեցնելը, այս մասին յայտնած է թրքական «gazetekarinca.com» կայքը:
Թրքական դատարանը իր այս որոշումը մեկնաբանելով յայտնած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական լեզուն թրքերէնն է եւ ընդունելի չէ քաղաքական քարոզարշաւը այլ լեզուով իրականացնել:
Նշենք, որ քրտերէն «Bejin Na» («Ոչ ըսէք») երգը նախապէս արգիլուած էր Թուրքիոյ քանի մը քաղաքներուն մէջ, սակայն հարցի դատարան փոխադրումէն ետք, ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին արգիլուեցաւ:
Նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ քրտերէն երգի մէջ կոչ կ'ըլլար քաղաքացիներուն Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի անցման դէմ քուէարկել: