Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է գրող, լրագրող եւ հետազօտող Մուսլում Ուզուլմեզի «Էրկանիի պատմութեան գաղտնի էջը. ՀԱՅԵՐ» գիրքը:
Թուրքական «Cumhuriyet» թերթի կայքէջի տեղեկացմամբ՝ գիրքը հրատարակուած է «Իսմայիլ Բեշիքչի» հիմնադրամի հրատարակչութեան կողմէ: Ան կը պատմէ Թուրքիոյ Տիարպեքիր նահանգի նախկին հայաբնակ Էրկանի գաւառի հայերու մասին. բնակավայրը մինչեւ 1915թ., Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ կոտորածներէն ետք՝ աւերակի վերածուած վիճակով է:
Գիրքը կազմելու ժամանակ հեղինակը օգտուած է ինչպէս այլ գրաւոր աղբիւրներէ, այնպէս ալ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յուշերէ, անհատական հանդիպումներ ունեցած է Էրկան գաւառի հիմնադրամի ներկայացուցիչներու հետ, գրառումներ ըրած է անոնց պատմած յիշողութիւններու վերաբերեալ:
«1915թ. «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» երիտթուրքական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, ոտնատակ առնելով ամէն տեսակ օրէնք եւ օրէնսդրութիւն, հայերու սպանութիւններուն լայն ազատութիւն տուաւ: Ցանկացողը կրնար սպանել ցանկացած հայու կամ ցանկացած թիւով հայերու, թալանել անոնց ունեցուածքը: Գաւառի ղեկավար պիւրոքրատներն ու զինուորները գաւառի դաւաճաններու հետ կազմակերպեցին կոտորածը: Էրկանիի հնագոյն ազգերէն մէկը հանդիսացող հայերը ամենադաժան ձեւով ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: Իսկ տեղահանման օրէնքով լիովին արմատախիլ եղան», - կը գրէ հեղինակը:
Ուզուլմեզը կը նշէ, որ կոտորածներէն ետք գիտակցաբար, նպատակային կերպով ժողովրդին ներշնչուած էր այն համոզմունքը, թէ հայերը շատ հարուստ եղած են: Ատոր շնորհիւ հայերէն մնացած ամբողջ նիւթական, մշակութային ժառանգութիւնը (եկեղեցիներ, վանական համալիրներ, գերեզմանատուներ, պատմական կառոյցներ եւ այլն), դարձաւ գանձախոյզներու եւ թալանչիներու թիրախ: Կառավարութիւնն ալ իր հերթին աչք փակեց այդ ամէնուն վրայ՝ նպաստելով հայկական ժառանգութեան անխնայ աւերմանն ու ոչնչացման:
«Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին «Էրկանիի պատմութեան գաղտնի էջը. ՀԱՅԵՐ» գիրքի հրատարակումը պէտք է դիտել որպէս անցեալի հետ առերսման ուղղուած խորհրդանշական քայլ:
Արդէն պիտի առերեսուինք 100-ամեայ ցաւի հետ ու քննութեան ենթարկենք մեր խիղճը, - կը գրէ «Cumhuriyet»-ը՝ մէջբերում ընելով գրքի 184-րդ էջէն.
«Առաջին քայլը, որ պէտք է ընել, արդարացի մօտեցում որդեգրելն է եւ առանց վախնալու՝ ցաւի ու ամօթի մասին բարձրաձայնելը: Իսկ այդ պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը բոլոր քաղաքացիներու անունով նախ եւ առաջ ինկնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ուսերուն»: