Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ Խաչվերացի տօնը՝ ԱՄԷ-ի մէջ
Կիրակի, 13 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տաղաւարը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ ԱՄԷ-ի հայկական եկեղեցիներէն ներս՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ։ Տօնական արարողութիւններուն զուգահեռ կատարուեցան աւանդական Անդաստանը եւ ռեհանի օրհնութիւնը։
Ստորեւ այդ մասին ԱՄԷ-ի Ազգային Առաջնորդարանի տարածած հաղորդագրութիւնը՝
Նախագահութեամբ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս, յիշատակուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Խաչվերացի տաղաւարը եւ տեղի ունեցաւ աւանդական Անդաստանը եւ ռեհանի օրհնութիւնը: Շարժայի մէջ պատարագեց եւ իր պատգամը փոխանցեց՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, իսկ Ապու Տապիի մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց ՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգելըճեան: Ս. Պատարագին արարողութեան աւարտին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ներկաները մասնակից դարձան Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէ Ս. Խաչի տօնին եւ վերամուտի առիթով պատրաստուած հիւրասիրութեան Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս:
