Եմէնի մէջ ընթացող մարտական գործողութիւններէն փրկուած աւելի քան 2000 մարդ հատած է Կարմիր ծովը եւ հասած Արեւելեան Ափրիկէի մէջ գտնուող Ճիպութի։ Այս մասին յայտնած է Ճիպութիի տնտեսութեան եւ ելեւմուտի նախարար Իլիաս Մուսա Տաւալեհ։
«Ներկայիս Ճիպութի ժամանած է 2084-էն աւելի փախստական։ Այս պայմաններուն մէջ իրավիճակը աւելի կը բարդանայ մեր երկրին համար՝ հակառակ մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու մեր անսասան յանձնառութեան», գրած է ան X ընկերային ցանցին վրայ։
Միջազգային գաղթականութեան կազմակերպութեան տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Սեպտեմբերին Եմէնի մէջ ռազմական գործողութիւններու սաստկացման պատճառով 82 հազար անձ ստիպուած եղած է լքել իր բնակավայրը։
Եմէնի մէջ հակամարտութիւնը սկսած է 2014-ին։ 2022-էն ի վեր հոն կը նկատուէր յարաբերական անդորր։ 2026-ի Յուլիսի սկիզբէն երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ սաստկացան կառավարական զօրքերու եւ հուսիներու միջեւ բախումները։
Անցեալ շաբաթ հուսիները յարձակողական գործողութիւն կատարած են, որուն հետեւանքով իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Կարմիր ծովու ամբողջ եմէնեան ափը, ինչպէս նաեւ Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցին յարակից տարածքները։