image

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալութիւնները կը շարունակուին

Թուրքիոյ մէջ  ձերբակալութիւնները կը շարունակուին

Թուրքիա- (Լրատուական ծառայութիւններ)  Թուրքիոյ մէջ  15  յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք  կը  շարունակուի  յեղաշրջման փորձին  մէջ մասնակցութիւն  բերած անձերուն ձերբակալման գործընթացը: Պոլսոյ Աթաթիւրք օդակայանին մէջ ծառայութիւն ընող 3 ոստիկաններ  եւ  3 քաղաքացիներ անձեր  ձերբակալուած են: Անոնք կը մեղադրուին ապստամբներուն տեղեկութիւններ տալու եւ անոնց աջակցելու մէջ: Պոլսոյ մէջ նաեւ 140 դատական համակարգի աշխատող ձերբակալուած է, որոնց մէջ կան դատաւորներ եւ դատախազներ: Քոնիա քաղաքին մէջ եւս 44 դատաւոր եւ դատախազ ձերբակալուած են: Կը շարունակուին ձերբակալութիւնները նաեւ զինուորականներու շրջանակներուն  մէջ: Ներկայ պահուս  105 բարձրաստիճան զինուորական ձերբակալուած է, եւ 587 զինուորական: Ձերբակալումները եւ հետաքննութեան գործընթացները կը շարունակուին: