image

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալութիւններու նոր ալիք

Թուրքիոյ  մէջ ձերբակալութիւններու նոր ալիք

Թուրքիոյ մէջ վերջին օրերուն ձերբակալութիւններու նոր ալիք մը սկսած է:   Կը ձերբակալուին  մասնաւորապէս  լրագրողներն ու  ակադեմական ոլորտը   ներակայացնողները: Հիւրրիյեթ եւ Միլլիյեթ թրքական պարբերականները կը գրեն, որ Թեքիրտաղ քաղաքին Նամըք Քեմալ համալսարանին մէջ 46 անձեր ձերբակալուած են, անոնց մէջ եղած են, 1     ամպիոն վարիչ, 7  դասախօս , 14   դոկտոր , 15  դոկտորի օգնական:

Պոլսոյ 5 կեդրոնական թաղերուն մէջ ալ իրականացուած հետաքննութիւններու հետեւանքով 31 գիտաշխատող ձերբակալուած է, որոնց մէջ   կան փրոֆեսորներ: Կասկածեալներու քով Կիւլենական շարժումին մասնակցութիւնը փաստող  ապացոյցներու հետ կեղծ գտնուած  են    մեկտեղ 1 տոլարանոց թղթադրամներ, որու միջոցով Կիւլենական գիտաշխատողները  զիրար  պիտի ճանչնային:

Բացի ատկէ ձերբակալումներ եղած են նաեւ Սելջուկ համալսարանին մէջ`48 դոկտոր  փրոֆէսոր, 167 գիտաշխատող, որոնցմէ 37-ը   վարիչ դասախօսներ , 8  հիմնարկներու քարտուղարներ , 1 հիմնարկի ղեկավար եւ 1 տնօրէն ալ պաշտօնաթող եղած են:

Մեծաթիւ ձերբակալութիւններ եղած են նաեւ Ուրֆայի  Հարրան համալսարանին մէջ: Պարբերականները իրենց հրապարակումներու մէջ զետեղած են նաեւ ձերբակալուածներու ցուցակը: