image

Թուրքիոյ մէջ աշխարհի 3-րդ ծովային օդակայանը պիտի կառուցուի

Թուրքիոյ մէջ աշխարհի 3-րդ ծովային օդակայանը պիտի կառուցուի

3 Նոյեմբերին Թուրքիոյ Ռիզէ-Արթւին օդակայանի համար շինարարական կազմակերպութիւններու մէջ մրցոյթ պիտի ըլլայ: Թրքական «Sabah» թերթի համաձայն՝ մրցոյթին մասնակցութեան հայտ ներկայացուցած են 15 կազմակերպութիւն: Երկրի թիւ 56-րդ օդակայանը պիտի կառուցուի Ռիզէյէն 35, Արթւինէն՝ 75 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ ծովու մակերեսին: Օդակայանի հիմքի համար ջուրին մէջ արհեստականօրէն լիցք պիտի կատարուի եւ ցամաքի հատոուած ստեղծուի:  Այդ նպատակով շուրջ 88.5 միլիոն թոն շինանիւթ պիտի օգտագործուի: «Լցոնվուղ» ծովու հատուածի ամենամեծ խորութիւնը 22 մեթր է, ամենափոքրը՝ 17 մեթր:

Օդակայանը պիտի ունենայ 3 քմ լայնք եւ 45 մեթր երկարութեամբ թռիչքուղի: Ան պիտի կառուցուի ծովափին զուգահեռ՝ արեւելքէն արեւմուտք տեղակաեմամբ: Կ'ակնկալուի, որ  Ռիզէ -Արթւին օդակայանը տարեկան 2 միլիոն ուղեւոր կը սպասարկէ:

Այս օդակայանը պիտի ըլլայ ծովու վրայ կառուցուած աշխարհի 3-րդ, իսկ Թուրքիոյ 2-րդ օդակայանը: