Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը վիճակագրական տուեալներ հրապարակած է 14-էն 21 օգոստոսի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին «ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու» մեղադրանքով բերման ենթարկուած մարդոց թիւին մասին: Ըստ թրքական «Diken» լրատուականկայքին, նախորդ շաբաթ բերման ենթարկուած է 997 անձ:
Թուրքիոյ իրաւապահ մարմինները նոյն ժամանակահատուածին ուսումնասիրած են 682 անձի ընկերային ցանցերու վրայ ունեցած էջերը: Անոնցմէ եօթը բերման ենթարկուած են իրենց կատարած «կասկածելի» գրառումներուն համար:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ արդեօք բերման ենթարկուածներուն նկատմամբ կալանաւորման որոշում կա՞յ, թէ ոչ:
Աղբիւրը, յղում կատարելով Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, կը նշէ, որ վերոնշեալները կը մեղադրուին «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն իրականացնելու», «ահաբեկչական կազմակերպութիւնը գովաբանելու», «ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու վերաբերեալ բացայայտ յայտարարութիւն կատարելու», «պետական արժէքները վիրաւորելու», ինչպէս նաեւ «ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններ կատարելու» մէջ: