image

Թուրքիոյ հետ ռազմական բախումը «հնարաւոր տարբերակ է». Սուրիացի նախարար

Թուրքիոյ հետ ռազմական բախումը «հնարաւոր տարբերակ է». Սուրիացի նախարար

Սուրիոյ հաշտեցման նախարար Ալի Հայտար այսօր յայտարարած է, որ Դամասկոսը կը նախընտրէ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքի մէջ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութեան հարցը քաղաքականապէս լուծել, որպէս առաջին փուլ, սակայն չի բացառուիր ռազմական առճակատման երթալը:

Նախարար Հայտար ռուսական «Սփութնիք» գործակալութեան այսօր տուած հարցազրոյցին ընդգծած է, որ «Սուրիոյ պետական ​​քաղաքականութիւնը եւ թրքական զօրքերու ներկայութեան վերաբերեալ անոր դիրքորոշումը չէ փոխուած եւ ան այս ուժերու ներկայութիւնը կ'ընկալէ որպէս Սուրիոյ ինքնիշխանութեան դէմ յարձակում  եւ տարածքի գրաւում»,-աւելցնելով, որ այս պատճառով « մեր եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի առճակատման դուռը բաց է»:

Ան շարունակելով աւելցուցած է. «Բայց այս բախումի ժամանակի, վայրի եւ մեխանիզմի մանրամասները որոշելը քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան վստահուած է»: Ան ակնարկած է Ռուսական կողմի դերին, ռազմական առճակատումը կանխելու եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան Սուրիական տարածքէն դուրս բերելու մէջ, ըսելով. «Ես Ռուսիոյ միջամտութեան որեւէ արգելք չեմ տեսներ, միակ արգիլուած բանը այն է,  որ Թուրքիան փորձէ Սուրիոյ տարածքին իր ներկայութիւնը պարտադրել, բաց եղանակով, եւ մտածէ, որ կրնայ Ալեքսանտրէթի սանճաքի պատմութիւնը կրկնել»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի քիւրտերու հետ յարաբերութիւններուն  Հայտար ըսած է. «Քիւրտերու հետ յարաբերութիւնները ներքին են եւ պէտք է ներքին կարգով քննարկուի, քիւրտերը արտաքին բաղադրիչ չեն», -հերքելով այս հարցի մէջ Ռուսիոյ միջնորդի դերը: