image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ առաջին գրախանութները հիմնուած են հայերու ձեռամբ. Birgun

Թուրքիոյ առաջին գրախանութները հիմնուած  են հայերու ձեռամբ. Birgun

Թրքական «Birgun» պարբերականի սիւնակագիր Ռէֆիք Տուրպաշ հնավաճառութեան թեմային անդրադառնալով, յիշատակած է նաեւ Պապըալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած հայազգի Առաքել Թոզլուեան էֆենտին։

Տուրպաշ Առաքել Թոզլուեանի կարեւորութիւնը ներկայացնող իր յօդուածին մէջ ընդգծած է, որ Պապըալիի` ժամանակակից իմաստով առաջին գրախանութները բանալու եւ անոնք հնավաճառութենէն առանձնացնելու բոլոր նախաձեռնողները հայեր եղած են։ Տուրպաշ ըսած է․ «Ծխախոտի խանութներուն, սրճարաններուն, շարք մը հին գիրքերու խանութներուն մէջ վաճառուող տպագիր գիրքերը միայն այս առաջին շրջանի հայ գրավաճառներու շնորհիւ են, որ  ժամանակակից իմաստով,  որպէս  ապրանք կը յայտնուին մեր առջեւ, ցուցափեղկերուն, կը հանուին առքուվաճառքի»։

Տուրպաշ կը յայտնէ, որ Առաքել էֆենտին հրապարակած է օսմանեան ժամանակաշրջանի այնպիսի հեղինակներու նշանաւոր ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են` Ահմէտ Ռասիմը եւ Հալիթ Զիյան։

Ահա Ռէֆիք Տուրպաշի «Պապըալիի առաջին գրախանութը» վերնագրով յօդուածը․

«Ներկայիս, երբ կ'ըսենք «հնավաճառութիւն», առաջինը, որ միտքերնիս կու գայ, Պապըալիի առաջին գրավաճառ Առաքել Թոզլուեան էֆենտին է, որ ըստ Էմին Նետրէթ Իլչիի` եղած է այստեղի առաջին գրավաճառը։ Ան 1875-ին Օսմանեան պետութեան վարչապետարանէն ներս բացած է  իր գրախանութը եւ երկար ժամանակ աշխատցուցած է այն։ Ի սկզբանէ շատ կարեւոր գործ մը ըրած է. 1884-ին Էպուզիայի տպարանին մէջ տպագրել տուած է «Առաքելի գրախանութի» գիրքերու ցուցակը (քաթալոկը)։ Ինչպէս կը պնդէ Էմին Նետրէթը, այմ առաջին գրավաճառի ցուցակը կ'ըլլայ։

«Նախաբան»-ին մէջ իր իսկ խօսքով` «մատեանի տէր» (‘sahib’i defter’) Առաքել էֆենտին այսպէս կը մեկնաբանէ գիրքերու ցուցակի լոյսընծայման պատճառը․ «Մեր փատիշահի, մեր տիրակալի շնորհիւ կարդալու նկատմամբ մեր հայրենիքի զաւակներու մօտ առաջացած հետաքրքրութիւնը բաւարարելու համար որեւէ գիրքերու ցուցակ չկայ, ուր անոնք կարենան դիւրին կերպով գտնել իրենց ուզած գիրքը»։

Այս խօսքերէն ետք չի մոռնար նաեւ յաւելել․ «Քանի որ տուեալ ցուցակը հեշտօրէն չի ստեղծուիր, ինչպէս կրնայ թուալ, եւ մինչեւ տպագրուիլն ու լոյս ընծայուիլը իր ծաւալին համապատասխան բաւականաչափ ծախսեր կը պահանջէ, յարաբերականօրէն աժան գինով  վաճառքի կը հանուի` մեր ըրած ծախսերուն մէկ մասը փակելու նպատակով»։

Այսինքն՝ ցուցակը անվճար չէ եղած։

Պապըալիի` ժամանակակից իմաստով առաջին գրախանութները բանալու եւ անոնք հնավաճառութենէն առանձնացնելու բոլոր նախաձեռնողները հայեր եղած են: Ծխախոտի խանութներուն, սրճարաններուն, շարք մը հին գրքերու խանութներուն մէջ վաճառուող տպագիր գիրքերը միայն այս առաջին շրջանի հայ գրավաճառներու շնորհիւ են, որ ժամանակակից իմաստով  որպէս  ապրանք կը յայտնուին մեր առջեւ, ցուցափեղկերուն, կը հանուին առքուվաճառքի:

Առաքել Էֆենտին 1876-ին Պապըալի պողոտայի 46-րդ համարին պիտի բանար իր խանութը եւ հրատարակէր յատկապէս օսմանեան ժամանակաշրջանի այնպիսի նշանաւոր հեղինակներու աշխատութիւններ, ինչպիսիք են` Ահմէտ Ռասիմին եւ Հալիթ Զիյան։  Մուալլիմ Նաճիի հետ միասին պիտի պատրաստէր «Ընթերցանութեան ուսուցում» («Talim-i Kıraat») եւ «Գրականութեան դասընթաց» («Mekteb-i Edep») վերնագրերով դասագիրքերը եւ թերևս 100 օրինակով տպագրէր։

Բացի այդ, 1886-ին Առաքել էֆենտին նախ՝ «Առաքելի գրադարան» խորագրով 16 ստուարածաւալ գիրք կը հրատարակէ, իսկ  1891-1894  թուականներուն` ուղեցոյցներ։ Նամըք Քէմալի որդին՝ Ալի Էքրէմ Պոլայըրը, իր «Յուշեր»-ուն մէջ կը յայտնէ, որ հօր «Ճեզմի» վերնագրով վէպի վերջին մասը 60 լիրայով վաճառած է գրավաճառ Առաքելին։

Իսկ ըստ Ալի Պիրինճիի՝ Թորոս անունով հայ մը, Առաքելէն առաջ Պապըալիի մէջ, յետագային Ռէշիտ Էֆենտիի խանը դարձած, իսկ այն ժամանակ «Իքտամ»  տպարանի դռան առջեւ, ժամանակ մը յայտնի փորագրիչ Անդրանիկի խանութին մէջ գրախանութ մը  բացած է, սակայն, երբ գործերը լաւ չեն ընթացած, գիրքերը լեցուցած է պարկերը, քիլոկրամներով հաշուելով` վաճառած ու թողած-հեռացած է։ Հակառակ (Kebikeç) Թորոս Էֆենտիի մասին վերոնշեալ տեղեկութեան՝ Պապըալիի առաջին գրավաճառ կը համարուի Առաքել էֆենտին։

Առաքելի մասին քիչ տեղեկութիւններ կան։ Յայտնի է, որ ան Կայսերիէն եղած է։ Գրավաճառութեան գործին մէջ սկզբունքներ ունեցած է, որոնք հաւատարմօրէն պահպանած է։ Գիրքերու գինը երբեք չէ իջեցուցած. անոնք բարձր գինով կ'ուզէր վաճառել։ Այդ պատճառով ալ պարտքեր կուտակած է, եւ, երբ չէ կրցած անոնք վճարել, սնանկացած է։ Խանութն ալ իր ամենամեծ պարտապանին` Անտոն Նահիկեանին թողելով՝  հոգին աւանդած է չքաւորութեան ու վիշտի մէջ։

Էրոլ Ուիէփազարճըն ալ Հալիթ Զիյայի «Քառասուն տարի» վերնագիրով յուշերուն մէջ ընդգծած է Առաքել Էֆենտիի մասին առկայ հետեւեալ տողերը․ «ժամանակի ամենաշնորհալի եւ  համարձակ հրատարակիչն էր»։

Առաքել Էֆենտիի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ գրողներու նկատմամբ առատաձեռն վերաբերմունքն էր։ Օրինակ՝ Ահմէտ Իհսանը Առաքել Էֆենտիի համար թարգմանած Ժիւլ Վեռնի գիրքերէն ստացած գումարով իր առաջին տպարանը բանալու հնարաւորութիւն ունեցած է։ Հուսէյին Ճահիթ Եալչընի «Գրական յուշեր» վերնագրով աշխատութեան մէջ ալ (Պիզնես պանքի մշակութային հրատարակչութիւն) հետաքրքիր յիշատակում կայ Առաքել էֆենտիի մասին։

Հուսէյին Ճահիթի մօտ ընկերները սկիզբէն գիտէին, որ վերջինս վէպ կը գրէր։ Անոնց համար կարեւոր մասերը, ով գիտէ, թէ քանի անգամ կարդացած է։  Անոր ընկերներէն Արիֆ պեյը հաղորդելով, որ կը ճանչնայ Ահմէտ Միհտաթ Էֆենտին, վերջինիս անձնական կեանքի մասին պատմութիւններ կը պատմէ։

Ըստ Հուսէյին Ճահիթի՝ «Այս ամենամեծ վիպասանին ամէնէն շատ հաճոյք պատճառող տողերը  ճաշարաններու ճաշացուցակներն են»։

Իսկ իր առաջին երիտասարդական վէպը՝ «Նատիտէ»-ն («Թանկագին»), հակառակ անոր, որ ներկայացնելու արժանի  բան մը չէր, կու տայ Ահմէտ Միհտալ էֆենտիին` վերջինիս հաւանութեան արժանանալու ակնկալիքով»։

Ահմէտ Միհտաթը նախաբան մը կը գրէ վէպի համար, Հուսէյին Ճահիթն ալ ստեղծագործութիւնը կը տանի Առաքել էֆենտիին մօտ։

Սակայն Առաքել էֆենտին ո՛չ «Նատիտէ»-ն կը կարդայ, ո՛չ ալ Ահմէտ Միհտաթի կողմէ գրուած`  գովասանքով հարուստ նախաբանը, եւ կ'ըսէ, որ պիտի չտպագրէ այն։

Հուսէյին Ճահիթն այս մասին կը գրէ․«Զայրոյթով ու ատելութեամբ դուրս եկայ այն խանութէն, ուր մտած էի յաղթական կեցուածքով»։

1912-ին Առաքել էֆենտիի մահէն ետք անոր որդին՝ Լեոն էֆենտին,  որոշ ժամանակ շարունակած է հօր գործը, բայց 1914-ին գրախանութը փակուած է։

 

Նիւթի աղբիւր՝ akunq.net

Թարգմանեց՝ Անի Մելքոնեան