image

Թուրքիա. Սուրիացի փախստականները ստիպուած կ'ըլլան վաճառել իրենց ներքին օրկանները

Թուրքիա. Սուրիացի փախստականները ստիպուած կ'ըլլան վաճառել իրենց ներքին օրկանները

Թուրքիա գտնուող սուրիացի փախստականները, զրկուած ըլլալով այդ երկրի մէջ որեւէ կերպ ապրուստ ապահովելու հնարաւորութենէ, յաճախ ստիպուած կ'ըլլան վաճառել իրենց ներքին օրկանները: Թրքական «Demokrathaber.net» կայքը, վկայակոչելով այս նիւթի վերաբերեալ գերմանական ARD պետական հեռուստաընկերութեան լրագրական տեղեկատուութիւնը, կը գրէ, որ իրենց ներքին օրկանները վաճառել ուզող փախստականները գնորդներ կը փնտռեն համացանցի միջոցաւ:

Լրագրական տեղեկատուութիւն պատրաստողները, համացանցի մէջ տեղադրուած յայտարարութիւններէն մէկուն հետքերով երթլով, գտած են Ահմէտ անունով սուրիացի փախստականի մը: Ան պատմած է հետեւեալը. «Ես թրքերէն չեմ գիտեր, ծանօթներ չունիմ, աշխատանք չունիմ, տուն չունիմ: Երիկամս կը վաճառեմ, քանի որ ունեցած խնդիրներս լուծելու համար դրամ ճարելու այլ տարբերակ չունեմ»:

Կը նշուի, որ տեղական «շուկայ»ին մէջ օրկաններ կարելի է գտնել 6-11 հազար տոլարով, իսկ օրկաններու պատուաստմամբ զբաղուող մարդիկ 30 հազար տոլարի մօտ գումար կ'առաջարկեն նոյն օրկանին:

Կը նշուի նաեւ, որ աւելի վաղ ներքին օրկաններու վաճառքի դէպքեր յայտնաբերուած էին Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներու շրջանին: