image

«Թուրքերն այսօր կ'ընեն այն, ինչ ըրած են 103 տարի առաջ». Գամիշլիի մէջ ապրող հայուհիին ահազանգը

«Թուրքերն այսօր կ'ընեն այն, ինչ ըրած են 103 տարի առաջ». Գամիշլիի մէջ ապրող հայուհիին ահազանգը

«Ես միշտ ալ ինձ հայ զգացած եմ եւ երբեք չեմ մոռացած հօրս՝ մեզ ուղղուած խօսքերը. ան կ'ըսէր՝ մի մոռնաք ձեր անցեալը, պահեցէք ձեր արմատները»,- shantnews.am-ի հաղորդմամբ՝ քրտական ANF կայքին ըսած է 64-ամեայ Սատիէ Աբրահամը, որ ծնած  է Սուրիոյ Ամուտա քաղաքին մէջ ու վերջին տարիներուն ապրած է՝ Գամիշլի։

Սուրիոյ այդ հատուածին մէջ ընթացող զարգացումներու մասին ան մասնաւորապէս ըսած է. «Այսօր նոյն իրավիճակն է Աֆրինի մէջ, ինչին հայերն ականատես եղած էին դեռ 103 տարի առաջ»,- նշելով, որ թուրք զինուորները կը փորձեն ամէն կերպ ճնշել տեղի բնակիչներուն՝ ստիպելով անոնց լքել իրենց բնօրրանն ու հեռանալ իրենց ծննդավայրէն։

«Անոնք այսօր կը փորձեն թրքացնել ամբողջ շրջանը, եւ ոչ ոք անոնց կ'ըսէ, որ ձեր ըրածը սխալ է կամ իրաւունք չունիք նման մօտեցում ունենալու»,- կայքին ըսած է Սատիէ Աբրահամը, յիշեցնելով, որ Աֆրինը սուրիական հող է, բայց այսօր այն կը գտնուի թրքական զօրքերու տիրապետութեան տակ:

«Իմ հայրը Ուրֆայէն էր: Ան հազիւ փրկուած էր թուրքի եաթաղանէն ու եկած այստեղ։ Մայրս քրտուհի է, եւ ես մինչեւ հիմա չեմ մոռանար հօրս յորդորները: Ան կ'ըսէր՝ ճիշդ է, ստիպուած եղած ենք իսլամանալ, բայց մի մոռնաք, որ հայ էք»։

Սատիէն կայքին նաեւ յայտնած է, որ իր հայրն ամբողջ կեանքի ընթացքին փորձած է գտնել իր հարազատները, բայց չէ կրցած: «Իմ խեղճ հայրն ուրախ օր չունեցաւ իր կեանքին մէջ: Ան երազանքներ ունէր, ան միշտ կը յիշէր իր հայ հարազատները եւ անոնց տեսնելու երազանքով ալ փակեց իր աչքերը»: Կինը նաեւ պատմած է, թէ ինչպէս իսլամացած են թուրքի սուրէն փրկուելու համար, սակայն այսօր բարձրաձայն կը յայտարարէ իր հայ ինքնութեան մասին:

«Այսօր այլեւս վախ չունինք, մենք հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ մեր նախնիները հայեր եղած են: Այստեղ (Գամիշլիի մէջ) ոչ մէկ խնդիր ունինք: Մեր զաւակներն ու թոռները պիտի շարունակեն վառ պահել հօրս յիշատակը եւ պայքարին յանուն իրենց ինքնութեան։ Հայրս միշտ մեզի հետ է, ան երբեք չէ լքած մեզ…»,- ըսած է հայ արմատներով քրտուհին։

Յիշեցնենք, որ այս տարուան մարտին Թուրքիան «Ձիթենիի ճիւղ» անունով ռազմական գործողութեամբբ գրաւած էր Սուրիոյ Աֆրին հնագոյն քաղաքը՝ պատճառ դառնալով հարիւրաւոր զոհերու եւ հազարաւոր քիւրտերու տեղահանման։