Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, որ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման տարածած թուրք զինուորներու ողջակիզման տեսաերիզի իսկութիւնը տակաւին չէ հաստատուած, կը գրէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը:
Անգարայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Քուրթուլմուշ ըսած է. «Մեր զինուած ուժերու եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տեսաերիզին մէջ ցուցադրուող պատկերներու իսկութիւնը հաաստող տեղեկութիւններ դեռ չեն հրապարակուած:Եթէ որեւէ հաւաստի տեղեկութիւն ձեռք բերուի, այն անմիջապէս կը հրապարակենք»:
Փոխվարչապետը նշած է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները յաճախ «նուաստ միջոցներու» կը դիմեն՝ նպատակ ունենալով մարդկանց մէջ «սարսափ առաջացնելով յուսահատութեան մատնել» զանոնք, միաժամանակ կոչ ուղղած է լրատուամիջոցներուն զգոյշ ըլլալ նման անհիմն լուրեր տարածելու առումով: «Թուրքիա ներկայիս պարտադրեալ պատերազմի մէջ է Իսլամական Պետութեան հետ»,- աւելցուցած է փոխվարչապետը:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը թրքական բանակի երկու զինծառայողներու ողջակիզման տեսաերիզ տարածած էին սոցիալական կայքերու էջերուն: Ըստ լրատուական կայքերու, զինուորականները պատանդ ինկած էին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ալ Պապ քաղաքին մօտ: