Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երէկ դատապարտած է Հոլանտայի կողմէ թուրք կին նախարարի իր հողէն արտաքսելու եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի օդանաւի վայրէջքը արգիլելու արարքները, զայն կոչեով «նացիստական եւ ֆաշիստական» մօտեցում: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
Էրտողան նշած է նաեւ, որ իր նախարարուհիին եւ այլ թուրք անձնաւորութիւններու հանդէպ նման վերաբերմունքը ցոյց կու տայ Եւրոպայի մէջ աճող «ազգայնամոլութիւնը», աւելցնելով, որ «Հոլանտան սուղ պիտի վճարէ իր այս արարքի գինը» եւ պիտի սորվի ինչ է իսկական դիւանագիտութիւնը: «Մենք անոնց միջազգային դիւանագիտութիւն պիտի սորեցնենք»,- ըսած է Էրտողան եւ կոչ ըրած միջազգային հանրութեան, պատժամիջոցներ կիրառել Հոլանտայի նկատմամբ:
Մինչ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուղօղլիի այցը չխոչընդոտելուն համար, «Ֆրանսան այդ ծուղակը չինկաւ» ըսելով:
Իր հերթին, Չաւուշօղլու Հոլանտայէն պահանջած է ետ կանգնիլ Թուրքիոյ նկատմամբ իր սուր դիրքորոշումէն, Twitter- ի էջին գրելով. « Մենք անգամ մը եւս կը պնդենք, որ Հոլանտայի ներողութիւն խնդրելը բաւարար պիտի չըլլայ»:
Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ իր հերթին, կոչ ըրած է Թուրքիոյ ներողութիւն խնդրել՝ Հոլանտացիներուն «նացիստներ» անուանելուն համար, բացատրելով, որ Էրտողանի նման յայտարարութիւնները «ոչ մէկ բանով կ'օգնէ երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական անհամաձայնութեան լուծման», շեշտելով, որ իր երկիրը Անգարայի հետ թշնամութեան չի ձգտիր, բայց պիտի սկսի այլ տարբերակներ սերտել «Եթէ Թուրքիան ետ չկանգնի իր հնչեցուցած նման յայտարարութիւններէն»: