ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ ԱՄՆ ուժերու Սուրիայէն ելքը արագացնելու եւ ռազմական ներկայութիւնը աւարտելու դիմաց Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալմանին առաջարկած է, որ Սէուտական Արաբիան 4 միլիառ տոլլար վճարէ ԱՄՆ-ին: Այս մասին կը գրէ «The Washington Post»ը:
Թերթը կը նշէ, որ Սպիտակ տունը Սէուտական Արաբիայէն եւ այլ երկիրներէ գումարներ կ'ուզէ ստանալ «օգնելու համար Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ բանակի եւ անոր դաշնակիցներու «ազատագրած» շրջանները վերակառուցելու եւ վերականգնելու մէջ, աւելցնեով, որ «հիմնական նպատակն է արգիլել՝ պատերազմէն ետք նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր գործընկերներուն՝ ռուսերուն եւ իրանցիներուն այդ շրջաններուն տիրանալը կամ «Տահէշ»ին վերադարձը»: