ԱՄՆ դեսպանութիւնը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխուելէն ընդամէնը շաբաթներ անց Ռուսիա որոշած է իր անկախութեան տօնի առթիւ Երուսաղէմի մէջ հանդիսութիւն կազմակերպել:
Իսրայէլեան «Jerusalem Post» թերթին փոխանցմամբ, առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի մօտ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը կ'որոշէ անկախութեան տօնը Թէլ Աւիւի փոխարէն նշել Երուսաղէմի մէջ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ անկախութեան տօնը 12 յունիսին է, սակայն Իսրայէլի մօտ Ռուսիոյ դեսպանութիւը որոշած է այն նշել 14 յունիսին:
Ըստ վերլուծաբաններու, Ռուսիոյ քայլը կրնայ բողոքի ալիք բարձրացնել պաղեստինցիներու շրջանակին մէջ, զայն համարելով Թրամբի որոշման հետ զուգորդուող քայլ: