image

Տէվլէթ Պահչէլի մեղադրանքներ ուղղած է Ռուսիոյ հասցէին

Տէվլէթ Պահչէլի մեղադրանքներ ուղղած է Ռուսիոյ հասցէին

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (MHP) ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլին Ռուսաստանը մեղադրած է քրտական անջատողական ուժերուն հովանաւորելու մէջ: Թրքական «Haberler.com» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ կուսակցութեան խումբի նիստին ելոյթ ունեցած Պահչէլին նշած է, որ անհրաժեշտ է ուշադիր հետեւիլ Ռուսաստանի եւ Իրանի վարած քաղաքականութեան:

«Մեր ուշադրութենէն, իհարկէ, չէ վրիպած այն, որ Ռուսաստանը գրկաբաց ընդունեց «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան (PYD): Իսկ Մոսկուայի մէջ կայացած անջատողական համաժողովին «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) մասնակցութիւնը մեզ համար դաւաճանութիւն է»,- յայտարարած է ընդդիմադիր կուսակցապետը:

Ան աւելցուցած է, որ Ժընեւի եւ Ասթանայի գործընթացներու դադարեցման ուղղութեամբ Ռուսաստանի ջանքերը Թուրքիոյ կողմէ դրական չեն գնահատուիր: Միեւնոյն ժամանակ Պահչէլին ընդգծած է, որ, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է բաց պահել Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան հնարաւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ «Ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կառոյց կը համարուի: