image
Հրատապ լուրեր:

Տեառընդառաջի Տօնը Նշուեցաւ Քեսապի Մէջ

Տեառընդառաջի Տօնը Նշուեցաւ Քեսապի Մէջ

Կիրակի՝ 31 Յունուար 2016-ին, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տեառընդառաջի տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմմահ պատարագը մատուցած է եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ Հ.Կ.Մ.ի պատանեկան միութեան: Վարդապետը իր քարոզին մէջ բացատրելով տօնի մասին ըսած է.«Տեառընդառաջի տօնը Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճառ տանելու յիշատակն է, իսկ խարոյկ վարելը եւ օրհնուած մոմեր տուները տանիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի լոյսը, որովհետեւ Ինքն է լոյսը աշխարհին»:

 

 

Որպէս խորհրդանիշ Հայու հաւատքին եւ աւանդութիւններուն, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, այս տարի խորանի լոյսը՝ կրակը դէպի խարոյկ փոխադրած է քեսապցի Քէշիշեան ընտանիքի Պապուկ՝ Ներսէսը, անոր զաւակը՝ Արան եւ թոռնիկը՝ Նարեկը: Պատարագի աւարտին օրհնուած են մոմերը ու եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ մէջ տեղի ունեցած է կարակավառութիւնը եւ անդաստանը: