image

Տաւուշի ուղղութեամբ անկանոն կրակ բացուած Է. ՀՀ ՊՆ

Տաւուշի ուղղութեամբ անկանոն կրակ բացուած Է. ՀՀ ՊՆ

Մայիս 10-ի լոյս 11-ի գիշերը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածի մէջ ազրպէյճանական կողմը կրկին տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ:

ՀՊՆ-ի հաղորդմամբ, ՀՀ զինուած ուժերը վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը եւ համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային: