Մեր արդի լեզուին մէջ գոյութիւն ունին կարգ մը պատմական օտար անուններ, որոնք կը գրուին կամ պէտք է գրուին երկու տարբեր ուղղագրութեամբ՝ յարգելով տուեալ անունին պատմական արտասանութիւնն ու բնոյթը եւ արդի արտասանութիւնն ու բնոյթը: Այսպիսիներուն տիպարն է հռոմայեցի զօրավարին անունը. պամականօրէն ան Կեսար[1] է, եւ այս ուղղագրութիւնը պէտք է յարգուի այնքան ատեն որ հայերէն կը գրենք ու կ’ակնարկենք այդ զօրավարին, կամ նոյն ծիրին մէջ գտնուողներուն, եւ զգալի է անոնց պատմականութիւնը, ինչպէս՝ Օգոստոսն է, Ներոնն է, Կոստանդիանոսն է եւ այլն:
Բայց այդ նոյն անունը, իր կարգին որոշ հնչիւնափոխութեամբ, կը գտնենք կարգ մը արդի լեզուներու մէջ՝ իբրեւ յատուկ անուն, ինչպէս ֆրանսերէնի, ուր ան կ’արտասանուի Սեզար, անգլերէնի մէջ, ուր ան Սիզըր է, իտալերէնի մէջ, ուր Չեզարէ է, մինչ գերմաներէնի մէջ Քայսեր է եւ այլն, եւ որոնք կը բնորոշեն միսով ու ոսկորով ժամանակակից անհատներ: Ուրեմն նման պարագաներու չենք կրնար վերադառնալ պատմական արտասանութեան կամ տառադարձութեան. թոյլատրելի չէ, César անունը կրող ֆրանսացի կամ արաբ դրացիիդ ակնարկելով, Կեսար կոչել զայն:
Ֆրանսայի փառքը կերտողներէն Louis XIV-ը ի վաղուց անտի տառադարձած ենք Լութովիկոս (ԺԴ), այսպէս ալ ան մտած է մեր դասագիրքերուն մէջ, թէեւ ֆրանսերէնի հետզհետէ նուազող կարեւորութիւնը շատ յաճախ մոռացութեան մատնել կու տայ այս արտասանութիւնը: Արդ, այդ նոյն անունը կրող ժամանակակից անհատը չենք կրնար պատմական տառադարձութեամբ կոչել, այլ պարզապէս պիտի կոչենք Լուի, այլ հարց, թէ ինքը՝ ֆրանասացին, երկուքն ալ կոչէ Louis «Լուի»:
Բերենք վերջին օրինակ մըն ալ, որ է պատմական Charles անունը, որ հայերս անցեալին դարձուցած ենք Կառոլոս, իսկ արդի արտասանութեամբ Շառլ, Չառլի կամ Քարլոս է, բայց բնաւ երբեք Կառոլոս. ոչ մէկուն մտքէն անցած է մինչեւ հիմա «Կառոլոս դը Կոլ» կոչել Ֆրանսացի ծանօթ զօրավարը:
Կանոնը քիչ մը աւելի երկփեղկուած, թոյլ ու տատանոտ է աշխարհագրական անուններու պարագային, թէեւ այստեղ ալ որոշ սկզբունք մը կը գործէ. օրինակ՝ ունինք պատմական Եդեսիա անունը, որ նաեւ Ուռհա էր, իսկ արդի օտար արտասանութեամբ Ուրֆա է: Այնպէս ալ՝ Մելիտինէ-Մալաթիա, Պոլիս-Կոստանդնուպոլիս-Իստանպուլ, Սեբաստիա-Սուազ, Չորք-Մարզպան-Տէօրթ Եոլ եւ շատ ու շատ այսպիսիները: Պատմական Հայաստանի տեղանուններուն հանդէպ տարբեր զգայնութիւն եւ մօտեցում ունինք. սփիւռքահայը կը խորշի Ստամպուլ թրքական անունէն (որ խորքին մէջ յունական ծագում ունի), որքան ալ աշխարհը այդպէս ճանչնայ զայն, ու կառչած է միւս երկուքին. մինչ թրքահպատակ հայը պարտաւոր է կիրարկել անոր պաշտօնկան անունը: Սակայն նոյն արեւմտահայը աւելի թոյլատու է, օրինակ, Մալաթիային ու Տէօրթ-Եոլին հանդէպ, մինչ արտասանական տատանում մը կայ Սեբաստիային ու Սուազին միջեւ. այսպիսիներուն զանազանումը քիչ մըն ալ կախեալ է խօսողին պատմական ծանօթութենէն: Շատ հայեր չեն գիտեր, թէ արդի Ուրֆան անցեալին Եդեսիա էր, եւ առանց բարդոյթի կու տան անոր արդի անուանումը, որ ան կը կրէր նաեւ այն օրերուն, երբ մեր անմիջական մեծհայրերն ու պապերը կ’ապրէին այնտեղ:
Պատմական յիշողութեան հետեւանք են նաեւ այն մանր-մունր շեղումները, որոնք կը յառաջանան այլուր եւս, ուր զգայնութեան գործօն գոյութիւն չունի այլեւ. օրինակ՝ յունահայը եւ ոչ միայն յունահայը՝ տեղաբնակներուն հետեւողութեամբ Կորինթոս կ’ըսէ հոն, ուր պատմական հայեցի անուանումը Կորնթոս է. ան պարզապէս չի ճանչնար այս վերջին արտասանութիւնը, որ այնքան ալ յաճախուած չէ եւ գրեթէ միայն հոգեւոր գրականութեան մէջ աւանդուած է:
Նոր սերունդը ընդհանուր ազգաց պատմութիւնը այլես միայն օտար լեզուներով կը սորվի, հետեւաբար չի ճանչնար տառադարձութիւններ, որոնք շատ սովոարական էին մէկ-երկու սերունդ առաջ. օրինակ՝ Cappadoce աշխարհագրական անունը տառադարձուած կը գտնեմ Քափատոչիա, մինւ մօտիկ անցեալին զայն կը կոչէինք Կապադովկիա, որովհետեւ գոյութիւն ունէին պատմութեան եւ աշխարհագրութեան հայերէն դասագիրքեր, ուր նմանները աւանդուած կ’ըլլային հայեցի տառադարձութեամբ: Այսօր շատ սովորական է հանդիպիլ Թրաժան կամ Թրաճըն ուղղագրութեան՝ Trajan կայսրի անունին դիմաց, ուր Տրայանոս կը գրուէր անցեալին:
Այսպիսիներուն ցանկը շատ երկար է դժբախտաբար:
Աւելցնենք, որ արեւելահայերէնը,-- ուր տառադարձական երեւոյթները շատ աւելի ուղղափառ հիմերու վրայ դրուած են,-- որոշ «սրբագրութիւններ» կատարած է պատմական տառադարձութեան, յատկապէս երբեմնի Ֆ-Փ եւ Լ-Ղ հչիւններու ծիրէն ներս. արդի արեւելահայը կ’ըսէ Աֆրիկա՝ այն տրամաբանութեամբ, որ այս աշխարհամասին անունին երկրորդ տառը համաշխարհայնօրէն Ֆ է եւ այդպէս ալ եղած է անցեալին: Արդ, հայերս Ափրիկէ տառադարձած ենք, քանի Ֆ տառը չունէինք, սակայն հիմա որ ունինք զայն, հետեւաբար շեղումի տեղիք չի մնար: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ կ’ըսեն Պլատոն, փոխանակ Պղատոն-ի, քանի որ մեսրոպեան Ղ տառը փոխած է անցեալի իր արտասանութիւնը, որ համարժէք էր լատինական L-ին. ուստի, արդի արեւելահայը պարզապէս կը վերականգնէ յոյն փիլիսոբային անունին արտասանութիւնը՝ հայկական Ղ-ը փոխարինելով հայկական Լ-ով:
Յամենայն դէպս այս վերանայումները ընդհանուր բնոյթ չեն կրեր. օրինակ՝ Ֆիլոսոֆոս-Փիլիսոփայ, Ֆիլ-Փիղ, Balnea-Բաղնիք եւ այլն կը մնան:
Զգուշ վերանայումներ փորձուած են մեր մէջ եւս յարաբերաբար գրաբարեան տառադարձութեան. կը բերեմ օրինակներ Զարեհ սրբ. Ազնաւուրեանի «Նոր կտակարան»-ի աշխարհաբար փոխադրումէն՝ Բեթլեհէմ փոխան գրաբար բնագրի Բեթղեհէմ-ի, Լուկիոս-Ղուկիոս, Ֆիլատելֆիա-Փիղադեղփիա, Ֆիլոլոգոս-Փիղողոգոս, Փելիքս-Ֆելիքս, Ակիլաս-Ակիւղաս, Նիկէր-Նիւգէր, Ռոդոն-Հռոդոն[2] եւ այլն, ուր սակայն նմանապէս շատ ուրիշ օրինակներ մնացած են անփոփոխ: Անշուշտ կարելի չէ ըսել, թէ հետեւողական աշխատանք մըն է եղածը. օրինակ՝ ինչո՞ւ պիտի պահուէր Փիլիպպոս-ը ու վերանայուէր Փելիքս-ը, կամ թէ պիտի պահուէր Ղուկաս-ը ու վերանայուէր Ղուկիոսը: