Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը այսօր տեսանիւթ մը հրապարակելով սպառնալիքներ ուղղած է Լիբանանին: Արաբերէն լեզուով You Tube-ի վրայ հրապարակուած տեսանիւթիւն մէջ Տահէշի զինեալ մը (որուն մասին կ’ըսուի,թէ լիբանանցի մըն է) սպառնալիքներ հնչեցուցած է «Հըզպալլա»ի, անոր առաջին քարտուղար Հասան Նասրալլայի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի, նախկին նախագահ Զօր. Միշէլ Սըլեյմանի եւ շարք մը քաղաքական գործիչներու դէմ: Տահէշի Ռաքքայի շրջանի կեդրոնական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած տեսանիւթիւն մէջ կ'ըսուի, թէ Տահէշ պիտի հարուածէ այս գործիչները եւ ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի իրականացնէ Լիբանանի մէջ: Ըստ Տահէշի, Լիբանան ապրող Սիւննի համայնքի անդամները «Հըզպալլա»ի եւ լիբանանեան բանակի կողմէ մեծ ճնշումներու կ'ենթարկուին եւ անոնք կը կատարեն Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու կամքը: Տեսաերիզի աւարտին կ'ըսուի, թէ Տահէշ մտադրած է ամէն գնով «Իսլամական պետութեան» մէկ խալիֆայութիւնը հաստատել Լիբանանի մէջ: Տեսանիւթը դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: