image

Տ. Շահան Սրբազան Սուրիահայութեան Մասին Դասախօսութիւններ Կարդաց Իտալիոյ Մէջ

Տ. Շահան Սրբազան Սուրիահայութեան  Մասին Դասախօսութիւններ Կարդաց Իտալիոյ Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնoրինումով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Իտալիոյ Սենթ Էճիտիo մէջ համայնքի հրաւէրին ընդառաջելով, 20-24 յունուար 2016-ին  դասախօսութիւններ  կարդացած է սուրիահայութեան  դիմագրաւած  խնդիրներուն  մասին: Սրբազան հայրը նախ եղած է  Նափոլիի մԷջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախoսութեան ներկայացուցած է  Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի տագնապալի կացութիւնը` ընդգծելով յատկապէս շրջանին մէջ քրիստոնէական հաւատքի մեր վկայութիւնը: Այս առիթով սրբազանը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ շրջանի կարտինալին, որուն փոխանցեց վեհափառ հoր ողջոյնները եւ ամփոփ զեկուցում մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով սուրիահայութեան կատարուող oժանդակութեանց մասին: Սրբազան հայրը եղած է  նաեւ  Հռոմի մէջ, ուր Սենթ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնին մԷջ հանդիպումներ ունեցաւ եւ նոյն ձեւով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի ներկայ զարգացումները: Այս առիթով սրբազանը տուաւ մամլոյ ասուլիս: Յատուկ կարեւորութեամբ Վատիկանի պաշտօնական մէկ անձնաւորութեան հետ տեսակցութիւնը առիթ եղաւ խօսելու Կիլիկեան Ս. աթոռին եւ Վատիկանի ջերմ յարաբերութեանց մասին:

Նիւթի աղբիւր ՝ «Ազդակ»: