Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնoրինումով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Իտալիոյ Սենթ Էճիտիo մէջ համայնքի հրաւէրին ընդառաջելով, 20-24 յունուար 2016-ին դասախօսութիւններ կարդացած է սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին: Սրբազան հայրը նախ եղած է Նափոլիի մԷջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախoսութեան ներկայացուցած է Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի տագնապալի կացութիւնը` ընդգծելով յատկապէս շրջանին մէջ քրիստոնէական հաւատքի մեր վկայութիւնը: Այս առիթով սրբազանը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ շրջանի կարտինալին, որուն փոխանցեց վեհափառ հoր ողջոյնները եւ ամփոփ զեկուցում մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով սուրիահայութեան կատարուող oժանդակութեանց մասին: Սրբազան հայրը եղած է նաեւ Հռոմի մէջ, ուր Սենթ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնին մԷջ հանդիպումներ ունեցաւ եւ նոյն ձեւով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի ներկայ զարգացումները: Այս առիթով սրբազանը տուաւ մամլոյ ասուլիս: Յատուկ կարեւորութեամբ Վատիկանի պաշտօնական մէկ անձնաւորութեան հետ տեսակցութիւնը առիթ եղաւ խօսելու Կիլիկեան Ս. աթոռին եւ Վատիկանի ջերմ յարաբերութեանց մասին:
Նիւթի աղբիւր ՝ «Ազդակ»: