Այն ինչ , որ կը կատարուի Դամասկոսի գիւղական շրջաններուն մէջ նոր փուլ մը պիտի բանայ Սուրիոյ վարչակարգին համար: Խօսքը մասնաւորապէս Արեւելեան Ղութա շրջանի Տումա քաղաքին մասին է, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութեան տակ «աճած» «Ժայշ Ալ Իսլամ» խմբաւորման հիմնական կեդրոնատեղին:
Բաց աստի, որ իսլամիստները բաւական «ապահով» եւ «ամուր» դիրքերու կը տիրապետեն, յստակ է նաեւ, որ սուրիական բանակին համար բաւական «սուղ» պիտի արժէր զինուորական միջոցներով այդ քաղաքը գրաւել: Խօսքը այդ շրջաններուն մէջ գտնուող եւ մեծ թիւերու հասնող անզէն բնակչութեան մասին է, որոնք վերջին ամիսներուն զինեալներուն կողմէ կ'օգտագործուին, որպէս «մարդկային վահան»:
Զինուորական գետնի վրայ տեղի տալու հաւանականութեան առջեւ գտնուող զինեալներուն համար բնականօրէն կարեւոր ելք կը համարուի Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները:
Անոնք այդ հիմքով ալ կը կարողանան շրջանէն հեռանալ եւ Տումայէն մեկնիլ դէպի Իտլիպ: Իսկ հակառակ պարագային , եթէ նոյնիսկ օգտագործեն անզէն բնակչութիւնը «վահան»ի վերածելու ընտրանքը, ապա բացայայտ է, որ ոչ Մոսկուան, եւ ոչ ալ Դամասկոսը պատրաստ են «տեղի տալ» եւ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները:
Ամէն պարագայի տակ վերջին օրերուն տեղի ունեցած շփումները եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած եռակողմ գագաթը սիւննիներուն կը յուշէ, որ սուրիական տագնապին համար Մոսկուայի հովանաւորութեամբ «ընթացք առնող» «լոքոմոթիվ»ը պիտի շարունակէ իր ճանապարհը:
Ու այս պարագային է նաեւ, որ սիւննիները եւ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիան կրնան «դուրս մնալ» Սուրիոյ համար նախատեսուած քաղաքական լուծումէն, հետեւաբար նաեւ մօտիկ ապագային նախատեսուած տնտեսական բոլոր տեսակի գործարքներէն:
Հիմա հարց կը ծագի, թէ շրջանի սիւննիները պատրաստ ե՞ն «ականջ տալ» ռուսներն կամ, թէ անոնք հերթական անգամ պիտի հետեւին Ռիատի սխալ ընտրանքներուն: