Սուրիոյ քրտական ուժերու քաղաքական գործիչներէն մէկը յոյս յայտնած է, որ նախագահ Ասատ լուրջ է իր այն յայտարարութեան մէջ, թէ պատրաստ է քրտական ուժերու հրամանատարութեան հետ բանակցութիւններ վարել, միաժամանակ բարձրաձայնելով, որ իրենք պատրաստ են առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն իրականացնել:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Ալտար Խալիլ, որ սուրիացի քիւրտերու ականաւոր քաղաքական գործիչներէն է, շեշտած է, որ կայանալիք որեւէ երկխօսութիւն կողմերուն համար պատմական շրջադարձային իրողութիւն պէտք է ըլլայ:
Խալիլ յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը լուրջ է, եւ նոյնքան լուրջ արդիւնքներու պիտի հանգեցնէ: