image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ պատերազմին մասնակցած ահաբեկիչներու կիներ եւ երեխաներ վերադարձած են Կրոզնի

Սուրիոյ պատերազմին մասնակցած ահաբեկիչներու կիներ եւ երեխաներ վերադարձած են Կրոզնի

Չեչնիոյ մայրաքաղաք Կրոզնիի օդակայան վայրէջք կատարած է Սուրիայէն ռուս կիներ եւ երեխաներ տեղափոխող օդանաւը, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, օդանաւին մէջ կային 7 կիներ եւ 3 ամսականէն 10 տարեկանի միջեւ 14 երեխաները, որոնց ուղեկցած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Չեչնիոյ նախագահի յատուկ դեսպանորդ Զիատ Սապսապի եւ ռուս սպաներ:

Սապսապի նշած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացիները, որոնք պարբերաբար պիտի տեղափոխուին, հաւաքուած են Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն եւ բանտերէն, իսկ տեղափոխութեան գործողութիւնը կ'իրականացուի Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար:

Նշենք, որ յիշեալ կիները Ռուսիայէն ժամանած եւ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման միացած այն զինեալներու կիներն են, որոնք իրենց ամուսիններուն հետ ժամանած են Սուրիա եւ Իրաք, իսկ ահաբեկչական խմբաւորման կրած պարտութենէն ետք վերջիններս փախուստի դիմելով լքած են իրենց կիներն ու զաւակները:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ներկայիս 445 ռուս երեխաներ կան, որոնց 28 տոկոսը 3 տարեկանէն փոքր են: