image

«Սուրիոյ մէջ կատարուած քիմիական յարձակումները Ուաշինկթընի ձեռագործն են».Դամասկոս

«Սուրիոյ մէջ կատարուած քիմիական յարձակումները Ուաշինկթընի ձեռագործն  են».Դամասկոս

Դամասկոս երէկ դատապարտած է Ուաշինկթընի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Պերլինի կողմէ  Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման մասին համատեղ յայտարարութիւնը եւ ընդգծած է, որ ան սուրիական կառավարութեան դէմ սուտերու եւ ապատեղեկատուութեան արշաւի շարունակութիւնն է: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:

 

Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ քննադատութեան ենթարկած է արեւմտեան քառեակի այս յայտարարութիւնը, որ եղած էր Իտլիպ նահանգի Խան Շէխունի վրայ քիմիական յարձակման առաջին տարեդարձի առթիւ, այդ երկիրները մեղադրելով եղածի պատասխանատուութեան մէջ, որոնք ամէն տեսակ օգնութիւն կը տրամադրէին Սուրիոյ թշնամիներուն:

 

«ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրը նաեւ ըսած է, որ «Միացեալ Նահանգները եւ անոր գործիքները» Սուրիոյ մէջ քիմիականի օգտագործման վերաբերեալ  ամէն արդար եւ առարկայական հետաքննութիւն կը խանգարեն, որպէսզի չպարզուի իր ներգրաւուածութիւնը այդ հարցի մէջ: