Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Ահմատ պատըր ալ տին Հասսուն այսօր Պապատայի պալատ այցելեց:Միւֆթին, որ առաջին բարձրաստիճան Սուրիացի կրօնական գործիչն է, որ Պապատայի պալատ կը հասնի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Մէշէլ Աուին հետ: Հանդիպումէն ետք Միւֆթի Հասսուն լրագրողներուն հետ խօսելով բոլոր կողմերուն հաշտութեան կոչ ուղղեց նկատել տալով, որ մասնաւորապէս այս հանգրուանին կրօնական առաջնորդները կարեւոր պարտականութիւն ունին կատարելիք: Հանդիպման ներկայ եղաւ Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քարիմ Ալի: