image

Սուրիոյ հանրապետութեան Միւֆթին Պաապտայի պալատ այցելեց

Սուրիոյ հանրապետութեան  Միւֆթին  Պաապտայի պալատ այցելեց

 Սուրիոյ Հանրապետութեան  Միւֆթի  Ահմատ պատըր ալ տին Հասսուն  այսօր  Պապատայի պալատ   այցելեց:Միւֆթին, որ առաջին  բարձրաստիճան Սուրիացի կրօնական  գործիչն է, որ  Պապատայի պալատ կը  հասնի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ Զօր. Մէշէլ Աուին հետ: Հանդիպումէն ետք     Միւֆթի Հասսուն լրագրողներուն հետ խօսելով    բոլոր կողմերուն հաշտութեան կոչ ուղղեց  նկատել տալով, որ մասնաւորապէս այս հանգրուանին  կրօնական  առաջնորդները   կարեւոր պարտականութիւն ունին կատարելիք: Հանդիպման ներկայ եղաւ Լիբանանի  մօտ  Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտըլ Քարիմ Ալի: