Սուրիոյ բանակը շարունակելով իր ռազմական գործողութիւնները Տարհայի արուարձաններուն մէջ աստիճանաբար հասած է Քընայթրա նահանգի արուարձաններու սահմանին, կը յայտնէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:
Սուրիոյ բանակին դէպի Քընայթրայի արուարձանները յառաջանալուն զուգահեռ մեծ թիւով զինեալ ահաբեկիչներ իրենց ընտանիքներով փախուստի դիմած են դէպի Կոլանի սահմանը:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, իսրայէլցի զինուորներ փախուստի դիմած զինեալ ահաբեկիչներէն պահանջած են ետ քաշուիլ ու հեռու մնալ Կոլանի սահմաններէն:
Միւս կողմէ աղբիւրը գուժած է զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ թիրախաւորուած «Սամա» լրատուական հեռուստակայանի լրագրող Մուսթաֆա Սալամայի մահը: Սալամա զոհուած է Քընայթրայի արուարձաններուն մէջ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացումը լուսաբանած ժամանակ: