image

Սուրիական բանակը տիրապետած է Հալէպի Ռամուսէ շրջանին

Սուրիական բանակը տիրապետած է Հալէպի Ռամուսէ շրջանին

Սուրիոյ զինուորական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Սուրիական բանակը երէկ յետ միջօրէին իր ամբողջական հակակշռին տակ առած է Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանի Ռամուսէի ամբողջ տարածքը: Շրջանը «Ճէյշ ալ Ֆաթհ»ի ահաբեկիչներէն ազատագրելէ ետք, բանակի երկրաչափական միաւորները սկսած են տարածքը ականազերծելու աշխատանք տանիլ։

Նշենք, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին, Ռամուսէի շրջանին վրայ եղած յարձակումներուն հետեւանքով, Հալէպէն դուրս գալու միակ ճամբան փակուած էր եւ փոխարինուած Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ սուրիական բանակին ազատագրած Քասթելոյի շրջանէն անցնող երթուղիով։