Սուրիացի հանրայայտ բեմադրիչ Նաճտաթ Անզուրի նկարահանած «Ռատ Ալ Քատաա» (Ճակատագրի ետ մղում) նոր ֆիլմի բացումը տեղի ունեցած է 11 Նոյեմբերին, Դամասկոսի օփեռայի՝ «Ալ Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան մէջ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմատ Ալ Ահմատի: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ Ուաթան» թերթը, նշելով որ ան հանրութեան պիտի ցուցադրուի 1 Դեկտեմբերէն սկսեալ:
Ֆիլմը կը պատմէ Ապրիլ 2013-ին զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ Հալէպի կեդրոնական բանտի 13 ամսեայ պաշարման, ծանր պայմաններու մատնուած զոնուրներու դիմադրութեան, քաջագործութիւններու, այնուհետեւ Սուրիոյ բանակի ջանքերով բանտի ազատագրման դէպքերու մասին:
Դիպաշարի հեղինակն է Տիանա Քամալ Ալ Տին, դերասանական խումբին մաս կազմած են՝ Ապտ Ալ Ռահման Ապու Ալ Քասեմ, Իսքանտար Ազիզ, Ապտ Ալլա Շէյխ Խամիս, եւ այլք:
Ֆիլմը կոչ կ'ուղղէ նաեւ մարդասիրութեան, ինքնազոհութեան՝ ցուցադրելով մարդկային վսեմ յարաբերութիւններ, բանտարկեալ-բանտապահ փոխյարաբերութիւններ, իսկ ֆիլմի հանգոյցը մարդկային երազանքներու խորտակումն է՝ ի տես այն ճշմարտութեան ու ցաւերուն, զորս կ'ապրի մարդը:
