Դանիական Ապեռնա քաղաքին մէջ սարսափելի ոճիր մը ցնցեց երկրի հասարակութիւնը։ Նախնական տուեալները յայտնեցին, թէ ազգութեամբ սուրիացի գաղթական մը սպաննած է իր կնոջ ու երկու զաւակները եւ փախուստի դիմած: Դէպքին հետեւող լրատուամիջոցներու համաձայն ոճրագործը կը մնայ փախուստի մէջ, եւ անոր նկատմամբ հետաքննութիւնները կը շարունակուին։ Երէկոստիկանութիւնը տան սառնարանին մէջ գտած էր երեք զոհերուն դիակները, մայրը՝ Շիրին (27-ամեայ), եւ դուստրերը Լինա եւ Ռանտա (7 եւ 9 տարեկան)։
Նշենք, որ կինը Սուրիոյ Աֆրին աւանի Պասութա գիւղէն էր։
Զոհի հարազատներէն մէկուն ազդարարութեան համաձայն, անոնց հետ կապը օրերէ ի վեր ընդհատուած է, ինչ որ կասկածանքներու առիթ տուած է եւ դիմած են ոստիկանութեան, որոնք Ռէպըրպանէն 2 հասցէին վրայ գտնուող տունը խուզարկելու պահուն յայտնաբերած են 3 սառած դիակներ տան սառնարանին մէջ։
Զոհի ամուսնոյն անակնկալ բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ոստիկանութիւնը յանգի այն նախնական եզրակացութեան, որ ոճրագործը զոհին ամուսինն է։ Դրացիներու հարցաքննութեամբ յստակացաւ, թէ ոեւէ կասկածելի պատահար տեղի չէ ունեցած։
Տուեալները կը յայտնեն, թէ ամուսինը շրջանէ մը ի վեր բաժնուած էր կնոջմէն։ Ան կը շարունակէ մնալ անյայտ։ Նշենք, որ անցեալ սեպտեմբերին ան կնոջ հետ Դանիոյ մէջդիմած էր փախստականի կարգավիճակ ստանալու։
Յայտնենք, որ Լինա եւ Ռանտա զոհերուն յաճախած դպրոցը, սեւ դրօշ տեղադրած է՝ սգալով անոնց ողբերգական մահըը
Ըստ մեղադրեալի հարազատներուն, Համէտ Ֆարիտ Մուհամմէտ, որ յայտնի է Համիտ անունով (33 ամեայ) տակաւին կը գտնուի Դանիոյ մէջ ։
Երթեւեկի վարիչներէն մէկուն վկայութեամբ կասկածեալին փոխադրուած է Դանիոյ Վելսենպուրկ շրջան, եւ ան կը գտնուի հոն։ Ըստ դանիական tv2 կայանին ոստիկանութիւնը ոճիրին ժամը ճշդած է ուրբաթ երեկոյեան ժամը 14-ի եւ 19-ի միջեւ։
Նշենք, որ հետազօտութիւնները կը շարունակուին։ Ըստ աղբիւրներու՝ կասկածեալը գումարներ չէ վերցուցած ո՛չ տունէն, ո՛չ ալ իր կամ կնոջ հաշուեհամարներէն։