Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխաիլ Պոկտանով յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ հարցերը ռուս –ամերիկեան ռազմական բախումի վտանգի սպառնալիքին չեն հասնիր:
Այս մասին հաղորդող «Ալ-Տիար» պարբերականը կը գրէ, որ Պոկտանով հաստատած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ գործնական կապ հաստատել Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ հարցով, շեշտելով, որ ռուսական կողմը յոյս ունի, որ այդ երկրի մէջ կը գերիշխէ բանականութիւնը:
Ան Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիան հարուածելու հաւանականութեան մասին խօսքի ծիրէն ներս աւելցուցած է նաեւ, որ կեղծարարութիւնը եւ սուտ լուրերու ողողումը կ'օգտագործուի Սուրիոյ մէջ իրավիճակը լարելու համար, ինչը անընդունելի է եւ շատ վտանգաւոր: