image

Սուրիա. Մեծ հրդեհներ «կը պաշարեն» «Մսիաֆ» գաւառակը

Սուրիա. Մեծ հրդեհներ «կը պաշարեն» «Մսիաֆ» գաւառակը

Երկուշաբթի երեկոյեան, հրդեհ բռնկած է Սուրիոյ Մսիաֆ արուարձանին մէջ գտնուող շարք մը գիւղերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Խապար» կայքը:

Կրակը, որ տարածուած է անտառածածկ տարածքներուն մէջ, սկիզբ առած է «Այն Ալ-Շամս» գիւղէն եւ ընդարձակած, հասնելով մինչեւ «Այն Հալաքիմ», «Հզուր» եւ «Պայթ Ըթք» գիւղերը: Մէկ այլ հրդեհ եւս բռնկած է Համայի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող «Սահլ Ալ-Ղապ» հարթավայրին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ «Երկու վայրերուն մէջ ալ, հրդեհաշիջման ջոկատները առանց ջանք խնայելու կ'աշխատին կրակի տարածումը զսպել՝ հակառակ ծանր իրավիճակին, տարածքի անհարթութեան եւ հրդեհի շրջագիծի ընդլայնման: Նաեւ ջրամբար մեքենաներ տեղադրուած են, կասեցնելու համար հրդեհի թափանցումը դէպի բնակելի վայրեր»:

Նշենք, որ անցնող օրերուն եւս հրդեհներ բռնկած են «Մսիաֆ»ի մէջ գտնուուղ տարբեր շրջաններու մէջ, պատճառ դառնալով անտառային հողերու մեծ տարածքներու ոչնչացման:

Ամէն տարի ամռան շրջանին կրկնուող երեւոյթ են այս հրդեհները, որոնք տարեկան կտրուածքով  կը խժռեն եւ կ'ոչնցացնեն հարիւրաւոր հեքթարներով անտառներ: Այս կորուստներուն ձմռան շրջանին ալ կը կուտակուի բնակիչներու կողմէ  իրականացուող ապօրինի ծառահատումները, որոնց հետեւանքով ալ անտառները կանգնած են  անհտացման սպառնալիքի առջեւ։