image

Սուլայմանիի կիսանդրին՝ Պէյրութի մէջ

Սուլայմանիի կիսանդրին՝  Պէյրութի մէջ

Լիբանանի մէջ տեղադրած են իրանցի զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի յուշարձանը, կը հաղորդէ Tasnim-ը:

Երէկ Պէյրութի մէջ կայացած է յուշարձանի բացման արարողութիւն, որուն նկարները տարածուած են Համացանցի մէջ:

Արձանի ձեռքն ուղղուած է դէպի Իսրայէլի կողմը, որ կը գտնուի տեսանելիութեան սահմաններուն մէջ:

Յուշարձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Հըզպալլա» շարժման: