image

Շիրակի մարզի եւ այլ շրջաններու մէջ ձիւնաթափ

Շիրակի մարզի եւ այլ շրջաններու մէջ ձիւնաթափ

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 27 նոյեմբերին՝ ժամը 23:30-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին ինքնաշարժի ճանապարհներն անցանելի են: Արագածոտնի մարզի Ապարան եւ Թալին քաղաքներուն, Ծաղկահովիտ գիւղին, Շիրակի մարզին մէջ կը տեղայ ձիւն:

Վրաստանի տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհային բաժանմունքէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի մեքենաներու համար: Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անուադողերով։ 

Վանաձոր-Ալաւերդի-Բագրատաշէն ճանապարհին կը կատարուին շինարարական աշխատանքներ, ինչի հետեւանքով ճանապարհահատուածը բեռնատարներու համար փակ է: Սահմանուած է հետեւեալ այլընտրանքային ավտոճանապարհը.

Դիլիջան-Նոյեմբերեան-Բագրատաշէն :