Ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող սուրիահայերու խնդիրներով զբաղուող «Արեւիկ» կեդրոնի երկար տարիներու ծառայողներէն եւ հիմնադիրներէն Տիկ. Լիւսի Մխճեան-Շէօհմէլեան «Արեւելք»ին հակիրճ կերպով կը պատմէ թերաճ մանուկներու Հալէպի կեդրոնի մասին, որ պատերազմի հետեւանքով այսօր կը գործէ Երեւանի մէջ:
«Հալէպի հայ համայնքը աշխուժ եւ լաւ կազմակերպուած էր իր եկեղեցիով, դպրոցներով եւ ակումբներով, ունէր իր պատսպարանը, որբ մանուկներու համար, ունէր իր ծերանոցը, բայց ֆիզիքական եւ մտային թերզարգացում ունեցող մանուկներու հարցը անլուծելի կը մնար տակաւին: Անոնց իրաւունքն էր իրենց կեանքը ապրիլ եւ ընկերութեան մէջ ներգրաւուիլ: Անոնք պարզ դպրոցներէ ներս չէին ընդունուէր, որովհետեւ ո'չ դաստիարակչական ծրագիրը կը պատշաճէր անոնց, ո'չ ալ դպրոցներու վիճակը համապատասխան էր, հետեւաբար երեք համայնքապետերով որոշեցին «Արեւիկ» կեդրոնը հիմնել: Որոշումը առնուեցաւ 2000 թուականին, եւ տեղւոյն բարեսիրական հաստատութիւններու եւ օտար կազմակերպութիւններու նիւթական ներդրումովը «Արեւիկ» կեդրոնը Հայ Ծերանոցի արեւելեան բաժնին մէջ վերանորոգուեցաւ, կահաւորուեցաւ եւ կեանքի կոչուեցաւ 2000-ի դեկտեմբերին՝ դռները բանալով հայ թերաճ մանուկներուն համար: Պէտք է ըսել որ միայն կեդրոնը բանալը չէր, այլ անհրաժեշտ էր յատուկ դաստիարակութեան ծրագիրը իրականացնող եւ գործադրող մարդիկ պատրաստել, հետեւաբար ուղղուեցանք Եգիպտոս եւ հոն վեցամսեայ խտացեալ դասընթացքի ընդմէջէն սորվեցանք, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերուինք եւ ինչ ծրագիր պէտք է իրականացնենք «Արեւիկ» կեդրոնէն ներս: Այսպէս 7 ուսուցչուհիներով եւ 22 սաներով սկսաւ «Արեւիկ»ը իր աշխատանքներուն:
Ներկայիս «Արեւիկ»ը Հալէպի մէջ այս վտանգաւոր օրերուն չի գործեր, կեդրոնը կիսաւէր վիճակի մէջ է, հետեւաբար սաները ցրուեցան, ոմանք՝ Լիբանան, ոմանք Հայաստան գաղթեցին: Հալէպ մնացած երեխաներէն միայն քանի մը հոգի ներկայ է, որոնք պատրաստութիւն կը տեսնեն արդէն Գանատա գաղթելու:
Իսկ 2014 թուականին շատ մեծ ուրախութիւն էր, տակաւին ես Հալէպ էի, երբ իմացայ, թէ «Արեւիկ»ը իր ծիլերը արձակած է նաեւ հայրենիքի մէջ, իր աշխատանքները հոս կը կատարէ՝ զօրակցութեամբը «Հալէպ» բարեսիրական կեդրոնին: Բնականաբար, կահաւորումը եւ դաստիարակչական նիւթերն ու կարիքները, պիտոյքները տրամադրած է ԱՄՆ դեսպանատան հովանաւորութեամբ գործող «Ճիւլիա Թաֆթ» դրամաշնորհային հիմնադրամը:

Որպէս «Հալէպ»ի «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի խնամակալ եւ տնօրենուհի, ուրախ եմ, որ այս մտային եւ ֆիզիքական թերզարգացում ունեցող պզտիկները յատուկ դաստիարակութեամբ իրենց արժանաւոր տեղը գրաւած են նաեւ հայրենիքի մէջ: Ես, որպէս խնամակալ անդամ կը գործեմ «Արեւիկ» կեդրոնէն ներս եւ իմ ներդրումս կը կատարեմ դաստիարակչական մարզէն ներս»:
