Ամերիկեան հետախուզական «Stratfor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Հուսիներու դէմ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ղեկավարուող դաշինքի մարտավարութեան փոփոխման այն բանէն ետք, երբ անոնք ակնյայտ նուաճումներ սկսան արձանագրել, միաժամանակ զգուշացնելով, որ այդ ուժերը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի սկսին իրար դէմ պայքարիլ, երկրին տիրելու նպատակով:
Կայքը դիտել տուած է, որ դաշինքին մէջ ընդգրկուած ուժերը բազմազան են, որոնք բոլորն ալ ունին իրենց հեռանկարներն ու նպատակները, հետեւաբար, այն խնդիրը, որուն համար համատեղ պայքար կը մղեն, երկար չի կրնար տեւել:
Աղբիւրին կարծիքով, դաշինքին ներսը պառակտումները պիտի ուժեղանան մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ վերջիններս տիրեն Ալ Հտէյտա նաւահանգիստին, ուրկէ մուտք կը գործէ երկիր ներմուծուող ապրանքներու զգալի մասը, հետեւաբար բախում պիտի առաջանայ դաշինքին մէջ ընդգրկուած ուժերուն միջեւ, թէ իրենցմէ ով պիտի տիրէ նաւահանգիստին: