Ուրբաթ 6 ապրիլին, Փարիզի մէջ մեկնարկած «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին, Լիբանանին յատկացուելիք օժանդակութեան (վարկերու) ընդհանուր գումարը կազմած է 11 միլիառ 800 միլիոն տոլլար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ»ը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ կը նախագահէր խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, այս մասին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է նախագահ Միշէլ Աունի եւ Նապիհ Պըրիի հետ՝ շնորհաւերելով անոնց Լիբանանին տնտեսութեան օժանդակութեան վերաբերեալ «Սետր»ի արձանագրած յաջողութիեան առթիւ: